Harutyun Selimyan's publications

Sort By
Year
Publication year (field_publication_year)

Publication: Article

ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ


ԱՄՓՈՓ ՊԱՏԿԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ (2005-2017)

Description: Ամփոփ պատկեր Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ գործունէութեան
(2005-2017)


ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱԶԱՏԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Vol. «Ասողիկ» հրատարակչություն No. 1(74) pp. 113-123 (2018)

URL: http://kantegh.asj-oa.am/2433/

Description: Հայկական բողոքական հրատարակութիւններու` «Շտեմարան պիտանի գիտելեաց» /Զմիւռնիա, 1839-1854/, «Աւետաբեր»/ Կ. Պոլիս, 1855-1915/, «Աւետաբեր մանկանց» /Կ. Պոլիս, 1908-1915/ եւ այլ պարբերականներու դաւանական ուղղուածութիւնը կրթութեան, դաստիարականութեան ու լեզուի ասպարէզներու մէջ նպատակ ունէր ազգը տանելու փրկութեան ու կատարելագործման ճանապարհով: Ազգային կրթութիւն ըսելով` «Աւետաբեր Շտեմարան...»-ը զայն կ’ընկալէ ոչ միայն բուն իմաստով, այսինքն` ազգային աւանդներու վրայ հիմնուած կրթութիւնը, այլեւ համազգային, համաժողովրդական, ժամանակակից հասկացութեամբ` զանգուածային կրթութիւնը, որովհետեւ անհատ անձերու կրթութիւնը որքան ալ որ անհրաժեշտ, բայց բաւարար չէ, որպէսզի ազգը հասնի ընդհանուր բարեկեցութեան։ Աստւածաբանները տնտեսական խնդիրներու նկատմամբ եւս ունէին իրենց դիրքորոշումը` նիւթական բարիքներէն օգտուելուն տալով միմիայն բարոյական գնահատական:


ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ԵՒ ԿՐՕՆԻՆ ՓՈԽ ՅԱՐԱԲԵՐՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ՀԱՅ ԱՒԵՏՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Vol. «Ասողիկ» հրատարակչություն No. 2 (75) pp. 146 (2018)

URL: http://kantegh.asj-oa.am/2471/

Description: 19-րդ դարու առաջին կիսուն հոգեւոր եւ մշակութային վերակողմնորոշումը ուղղուած էր հայ ժողովուրդի ազգային գիտակցութեան, եւ ակնյայտօրէն կ'արտայայտուէր այդ շրջանի ռոմանթիկ հեղինակներուն (Մ. Նալպանտեան, Ռ. Պատկանեան, Ի. Շաազիզ) հոգեւոր ստեղծագործութեան հայրենասիրական գործերուն մէջ: 19-րդ դարու առաջին կիսուն արդիւնաւէտօրէն տեղի կ'ունենար հոգեւոր-մշակութային վերակողմնորոշում: Ազգային ինքնագիտակցութեան աճը աւելի ու աւելի կ'արտացոլուէր ռոմանթիկներու գրութիւններուն մէջ:


ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՈՒՄԸ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Vol. 658 No. 1 pp. 158-167 (2020)

URL: http://lraber.asj-oa.am/6961/

Description: Հայ աւետարանական շարժումի տարածման արդիւնքով կը ձեւաւորուին Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ դաւանական նոր հիմքերը: Օսմանեան Թուրքիա ժամանած առաջին միսիոներները տպաւորուած էին այն փաստով, որ կայսրութեան բոլոր ժողովուրդներէն հայերը ամէնէն բացն էին բողոքական միսիոներներու գործունէութեան հանդէպ: Գլխաւոր նպատակը պէտք է դառնար աշխարհի բարոյական վերակառուցումը, դպրոցի եւ եկեղեցւոյ հիմնադրումը, իւրաքանչիւր ընտանիքի համար Աստուածաշունչ կարդալու եւ աղօթելու հնարաւորութեան ստեղծումը, նոր աշխարհի բողոքականութեան արտահանումն ու տարածումը: